․․․Հայրենի՜ տուն, հաւատա՜ որ մահէս յետոյ
Քու աւերակներուդ սեւին վրայ, իմ հոգիս,
Պիտի գայ, որպէս տատրակ մը տարագիր,
Իր դժբախտի երգը եւ արցունքը լալու…։ Սիամանթօ
1878 թուականի Օգոստոս 15-ին հռչակաւոր Ակն քաղաքին մէջ ծնաւ արեւմտահայ բանաստեղծութեան պատմական դէմքերէն՝ Սիամանթօն (Ատոմ Եարճանեան):
Ան չփոխեց իր քնարին լարերը, որովհետեւ իր ապրած ժամանակը ինքն էր, որ կը թելադրէր ինչ ընել եւ ինչ գրել: Սիամանթոյին ամբողջ ստեղծագործութեան նիւթը հայրենիքին ճակատագիրն է` պատմականօրէն որոշ ժամանակի մէջ, որը կը սկսի համիտեան ջարդերէն եւ կը հասնի մինչեւ 1915-ի Մեծ եղեռնը: Քսան տարուայ պատմութիւն՝ ազգային կեանքի դժուարին ընթացքով, ազատութեան յոյս, պայքար, յաղթանակի հասնելու սպասում, խանդավառութեան բերկրանք, բայց երազներու փլուզում, մահուան տեսիլ ու կոտորած: Սիամանթօն իր բանաստեղծութիւնը համարած է ազգային հոգիի հայելին: Այդ հայելին ցոյց կու տայ հայ հոգիին յաւերժութեան արտացոլանքը: Բազում ծագած արշալոյսներ չտեսած բանաստեղծը մեզի թողեց հսկայ ժառանգութիւն, իր ետին թողեց մեր պատմութիւնը։
Սիամանթօ՝ https://vlume.com/hye/person/EN-33