Skip to content

«Սիլիհտարի Պարտէզները»։ Զապէլ Եսայեան

Ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք , որ մեր մանկապատանեկան գրադարանին մէջ աւելցած է նոր «Հայ Գրականութեան Գոհարներ» շարքը, եւ անոր առաջին գիրքերէն մէկն է «Սիլիհտարի Պարտէզները»՝ Զապէլ Եսայեանի ստեղծագործութիւնը։

Սիլիհտարի Պարտէզները՝ https://vlume.com/hye/item/EB-1670

Այս յուզիչ ու գեղարուեստական յուշագրութիւնը մեզ կը տանի դէպի Սկիւտարի Սիլիհտարի պարտէզները՝ Եսայեանի ձիւնամրրիկով ծնունդէն մինչեւ գիտակից երիտասարդութիւնը։ Փոքրիկ Զապէլին մանկութիւնը կը ծաղկի վարդաստաններու մէջ, բայց նաեւ կը ձեւաւորուի կեանքի դժուարութիւններուն, անարդարութեան դէմ առաջին ընդվզումին եւ կրթութեան հանդէպ իր խոր սիրոյն շնորհիւ։

Գիրքը նուրբ լեզուով կը ներկայացնէ Եսայեաններուն ընտանիքին ջերմութիւնը, Զապէլին դպրոցական փորձառութիւնները եւ այն երազը, որ զինք պիտի առաջնորդէ դէպի մեծ ճամբան։

Այս գործը մանկութեան քնարական պատում մըն է՝ լեցուն լոյսով, պայքարով եւ ապագայի հաւատքով։

«Հայ գրականութեան գոհարներ» շարքը ստեծեցինք նոր սերունդին մեր մեծերուն եւ անոնց ստեղծագործութիւններուն մասին յուշելու՝ գեղեցիկ, խնամքով պատրաստուած, հասկանալի, գունագեղ ու պատկերազարդ։ Կը յուսանք՝ այս յուշումը հետաքրքրութիւն մը կը ստեղծէ իրենց մէջ պրպտելու։

«Սիլիհտարի Պարտէզները» #vlume-ի այս ճամբուն արժէքաւոր մեկնարկն է

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *