Skip to content

Վահէ Վահեան «Մատեան սիրոյ եւ մորմոքի»: Նոր գիրք

«Շրջիր աշխարհն, եթէ կրնաս, խմիր ջուրէն ամէն ակի

Բայց սիրտիդ մեծ ծարաւը տար աղբիւրներուն քու հայրենի»
Երբ լոյս տեսաւ Վահէ Վահեանին «Մատեան սիրոյ եւ մորմոքի» գիրքը, նոր գոյն ու բոյր աւելցուց իր հարուստ բանաստեղծութեան եւ կրկին ապացուցեց իր ամուր կապը հայրենիքին հետ։
Գրքին գրեթէ բոլոր բաժիններուն մէջ յստակ է գրողին աննահանջ հոգին, հայրենակիցի բարձր գիտակցութեամբ օժտուած մարտիկը, որը կը տագնապի աշխարհին մէջ ցրուած հայերուն ճակատագրով։ Վահեանը իր վրդովումը կը յայտնէ, երբ ամէն անգամ հայերը իրենց հայեացքը կ՛ուղղեն դէպի օտար ափեր՝ իրենց հետ տանելով՝ «Ընձիւղներ նոր դեռ ծլած եւ ընձիւղներն ա՛լ վաղուան

Որ կրնային խորարմատ դառնալ ծառեր ծաղկաւէտ

Ու պարտէզին հայրենի, տալ պտուղներ հոտեւան»։
Մեր անցեալին, մշակոյթին ու Երեւանին մասին շատ բան պատմող գիրքը կարդացէք այստեղ․

«Մատեան սիրոյ եւ մորմոքի»՝ https://vlume.com/hye/item/EB-1334

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *