Մեր գրադարանը կը շարունակէ իր նոր շարքը, որմով հայ մեծ գրողներու նշանաւոր ստեղծագործութիւններէն կը ներկայացնենք պատանի ընթերցողներուն համար՝ պարզ, հասկնալի եւ հետաքրքրական ձեւով։
Այս անգամ մեր ընթերցողները պիտի հանդիպին Րաֆֆիի հզօր աշխարհին։ Անոր յայտնի պատմութիւններէն մէկը կը ներկայացուի նոր՝ մանկապատանեկան ձեւով, որպէսզի պատանի ընթերցողն ալ կարենայ ունենայ փոքրիկ ճաշակ մը անոր գործերուն մասին եւ խթանուի բացայայտելու մեր գրականութեան գանձերը։
Խաչագողի յիշատակարանը՝ https://vlume.com/hye/item/EB-1666
Գիրքը կը պատմէ Մուրատին պատմութիւնը, որ ազնիւ աշխատանքի ճամբէն կը սահի դէպի սխալ ու վտանգաւոր արկածներու աշխարհը։ Հոն կան գողութիւններ, գաղտնիքներ, փախուստներ եւ երկար ճամբայ դէպի Սիպիր… Բայց այս պատմութիւնը միայն արկածներու մասին չէ։ Ան պատմութիւնն է սխալներու, զղջումի եւ հոգիի արթնացման մասին։
Ճամբուն վրայ Մուրատը կը հանդիպի մարդոց, որոնք կը փոխեն իր կեանքը եւ կը ստիպեն զինք մտածել արդարութեան, աշխատանքի եւ մարդկային արժանապատուութեան մասին։
Մեր շարքին նպատակն է՝
ծանօթացնել պատանի ընթերցողներուն հայ մեծ գրողները
փոխանցել անոնց ստեղծագործութիւններուն գաղափարները պարզ ու հասկանալի լեզուով
արթնցնել հետաքրքրութիւնը հայ գրականութեան հանդէպ։
Այս գիրքը ոչ միայն հետաքրքրական արկածախնդրական պատմութիւն է, այլ նաեւ դուռ մը՝ դէպի Րաֆֆիի հարուստ գրական աշխարհը
