Եթէ կը փնտռես գիրք մը, որ փոքրիկդ ոչ միայն կը զուարճացնէ, այլեւ կը սորվեցնէ սիրել, խնամել եւ պատասխանատու ըլլալ՝ ուրեմն արդէն գտած ես։
Վլում մանկապատանեկանի նոր շարքին՝ «Արջուկ՝ Մեծ քաջ գամփռ»-ին, առաջին գիրքը՝ «Արջուկը տուն կը գտնէ», ճիշդ քու փնտռածդ է՝ https://link.vlume.com/item/EB-1611
Անիին եւ Արջուկին պատմութիւնը, որ արջուկ չէ, այլ արջուկի նման գամփռ մը, պիտի շարժէ սրտիդ նուրբ լարերը, պիտի դարձնէ քու փոքրիկդ աւելի հոգատար, քաջ ու նրբանկատ։
Սա պատմութիւն մըն է, ուր ամէն ինչ կը սկսի թաց թաթիկներով եւ տխուր աչքերով, բայց կը վերածուի սիրոյ, վստահութեան եւ հաւատարմութեան։
Այս գիրքը՝ ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս կը դառնանք տուն մը՝ ուրիշի համար, շան ձագի եւ փոքրիկ աղջնակի մը միջեւ ծնած անկեղծ սիրոյ մասին է։
Ճիշդ առաջին էջերէն Արջուկը պիտի դառնայ քու փոքրիկիդ ընկերը, եւ անոր հետաքրքրութիւնը պիտի յաղթէ իրեն՝ ուզելով պահ առաջ կարդալ նաեւ միւս հատորները, որպէսզի տեսնէ թէ Արջուկ-գամփռը ի՛նչ հետաքրքրական կարողութիւններ ունի։
Շտապէ՛ ծանօթանալ, բարեկամանալ ու սիրել Արջուկ-գամփռը