Այսօր սփիւռքահայ գրականութեան գիւղերգութեան ամենավառ ներկայացուցիչին՝ Յակոբ Օշականին ծննդեան օրն է։
Գրականութեան մէջ ժամանակի ոգին ու շունչը, ժամանակի ազգային յատկանիշներն ու խորհուրդը միշտ բացայայտելով, Օշականը գրած է. «Կը հաւատամ, որ ամէն իրաւ բանաստեղծի հետ իմ ժողովուրդին աս ու ան մասը ելեր է ստեղծագործ սարսուռի, ըրեր է այդ բանաստեղծին մէջ իր երեսներէն աս ու ան աւելի յստակ, յատկանշեալ ու տպաւորիչ»:
Օշականին համոզումով «Արուեստը բիւրեղակերպ կեանքն է»:
Հայ գրականութեան մեծ երախտաւորը ծնած էր ապրելու հայրենի մթնոլորտին մէջ: Եւ ուր ալ որ ըլլար, կը գտնէր այդ մթնոլորտը, քանի որ իր կարծիքով. «Մեր գրականութիւնը մեր հայրենիքն է»
Օշականը սփիւռքի գրական երիտասարդութեան վրայ բացառիկ ազդեցութիւն գործած է եւ անոնց կողմէ ալ վաստակած է «վարպետ» մակդիրը եւ այժմ ժամանակը կ՚աշխատի այդ մակդիրին հաստատման օգտին:
Օշականին հարուստ ժառանգութիւնը, իր գլուխգործոցները կարդալու կամ վերընթերցելու ամենէն ճիշդ օրն է։
Յակոբ Օշական՝ https://vlume.com/hye/person/EN-5
