Skip to content

Գիրքեր 3-րդ դասարանցիների համար

Ի՞նչ գիրքեր պէտք է կարդան 3-րդ դասարանցիները

Ցանկին ծանօթանալու համար սեղմեցէք յղման վրայ

Ցանկ՝ https://vlume.com/hye/my-list/reading-list/1165
Մանկական գիրքե՞ր կը փնտռէք, որոնք պիտի բարելաւեն ձեր զաւակին լեզուական կարողութիւնները։ Հետեւեցէք մեզի, որպէսզի չփախցնէք մեր ցանկերը։ Ձեզի կարգով պիտի տանք ընկալեալ կարգերու հասանելի գիրքեր, իսկ դուք ընտրեցէք կարողութեան համաձայն։ Նկատի առէք որ միշտ աւելի պարզէն սկսիլը օգտակար է։ Գաղտնիք չէ, որ օտար միջավայրի մէջ զաւակ իր մայրենի լեզուն սիրող եւ անով ապրող պահելը շատ դժուար է։ Գրաճանաչութեան հանգրուանին անցնելէ առաջ ու ետք ծնողք-ուսուցիչ օղակը կը փորձէ գտնել հայերէն այնպիսի գիրքեր, որոնք կը համապատասխանեն անհատին կարողութիւններուն, ընդունակութիւններուն, որով դիւրութեամբ պիտի զարգացնէ լեզուի իր գիտութիւնը։ Կրնաք այլեւս աւելի խաղաղիլ այդ գետնին վրայ, որովհետեւ գիրքերը իրենց ոտքով եկած են ձեր տունը եւ դպրոցը։ ☺️Ոեւէ տարիքի եւ մակարդակի, ոեւէ նախասիրութիւններու տէր անհատը անպայման պիտի գտնէ եւ ունկնդրէ / կարդայ իրեն համապատասխան գիրքը։ Սկսինք սկիզբէն՝ 3-րդ դասարանէն։ Ահաւասիկ այն գիրքերը, որոնք պիտի օգնեն այս մակարդակի տէր ընթերցասէրին հանգիստ ունկնդրել, կամ սահուն կարդալ, սիրել լեզուն եւ այդ լեզուով ընթերցանութիւնը։

Եթէ ունիք այլ տարբերակներ, ապա մեկնաբանութիւններու մէջ գրեցէք, թէ ո՞ր գիրքերը պիտի աւելցնէիք այս ցանկին։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *