«Իսկ մենք կը վճարենք իբրեւ վերջին փրկագին այն, որ պիտի գայ: Իբրեւ վերջին փրկագին` մանուկներ, որոնք կրնային մեծնալ, ապագայի սերունդներ, որոնք մեզմէ վերջ պիտի գային: Որովհետեւ այն, որ պիտի գայ, պիտի ըլլայ օտար բանիւ եւ գործով…»։ Շահան Շահնուր
«Փարիզի տղաք»-ի ամենավառ ներկայացուցիչ՝ Շահան Շահնուրի բոլոր գրքերը իրենց մեծ ազդեցութիւնը կ՛ունենան ընթերցողներուն վրայ։ Բացառութիւն չէ նաեւ «Սիրտ սրտի» գիրքը։ Գրքին մէջ կը հանդիպինք քննադատ Շահնուրին՝ իր մտորումներով ու ապրումներով։ Մէկ անգամ չէ որ Շահնուր քննադատած է հայը՝ Սուրբ գրքին կապուած ըլլալուն համար։ Հայերուն բոլոր ողբերգութիւններուն պատճառը գրողը այդ կը համարէ։ Անկախ բոլոր քննադատութիւններէ՝ Շահնուր կ՛ըսէ որ՝ հայը միշտ եւ ամենուր վեհ ու վսեմ է։ Շահնուրին սրտի բոլոր գաղտնիքներուն ծանօթանալու, սրտին մօտենալու համար պէտք է պարզապէս ընթերցել գիրքը։
Սիրտ սրտի՝ https://vlume.com/hye/item/EB-1279