Skip to content

Արփիար Արփիարեան։ Ծննդեան օր

«Ազգութիւն մը կը պահուի իր հողին մէջ, անկէ դուրս իր գոյութիւնը կը կորսնցնէ»: Արփիար ԱրփիարեանԱյսօր հայ գրականութեան եւ հրապարակախօսութեան ականաւոր ներկայացուցիչ՝ Արփիար Արփիարեանի ծննդեան օրն է: Թէ՛ իր գրչակից ընկերներուն, թէ՛ ընկերութեան կողմէ Արփիարեան ճանաչուեցաւ արեւմտահայ գրական շարժման անվիճելի առաջնորդն ու կազմակերպիչը: Արփիարեան իր կայուն տեղն ունի մեր նոր գրականութեան պատմութեան մէջ:Մտաւորականը ապրեցաւ փոթորկալի կեանք մը, եղաւ տիրական դէմքերէն իր ապրած ժամանակաշրջանին, յախուռն եւ անհանդարտ նկարագրով տեւաբար յուզեց իր շրջապատը, խիզախօրէն բացաւ արահետներ բազում ոլորտներէ ներս:
Ան եղաւ գրական միջավայր ստեղծող մը` հոյլ մը սկսնակ գրագէտներու: Արեւմտահայ երիտասարդ ուժեր համախմբուած էին իր խմբագրած թերթերուն շուրջ, որոնք զինք կը կոչէին «Հայրիկ»` հակառակ տարիքի փոքր տարբերութեան: Ամբողջ կեանքի ընթացքին հայրենասիրութեամբ փայլող այս գրողը, կեանքի վերջին շունչն ալ փչեց հայրենասիրութեամբ՝ ըսելով՝ «Հայ եմ»:  Անուանի արձակագրին, մեծ հայրենասէրին գրական ժառանգութիւնը իր ուրոյն տեղն ունի մեր գրադարանին մէջ։
Արփիար Արփիարեան՝ https://vlume.com/hye/person/EN-3

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *