Նազենի Տէր Միքայէլեանին «Վարդենիք» գիրքը ինքնաբուխ արտայայտութիւններու փունջ է, որոնք կը սաւառնին երկնքին մէջ՝ որպէս աստղիկներ։ Գրքին մէջ կայ «Վարդենիս» խորագիրը կրող բանաստեղծութիւն, որը պատճառ հանդիսացած է, որ բանաստեղծուհին իր վարդերով լեցուն «պարտէզը» կոչէ «Վարդենիք»։ Խայտաբղէտ զգացմներով հարուստ այս գրքին մասին հեղինակը ըսած է․ «Այս յակիրճ տողերը թո՛ղ իբրեւ մանիշակ բուրեն եւ իբրեւ ճառագայթ սրսկուին իր արդէն արեւոտ յիշատակին վրայ»։
Վարդենիք՝ https://vlume.com/hye/item/EB-1294