Skip to content

Կարեն Սիմոնեան «Ցտեսութիւն Նաթանայէլ»։ Նոր գիրք

Երեւակայական գրքերու հեղինակ Կարեն Սիմոնեանը իր «Ցտեսութիւն Նաթանայէլ» գրքին մէջ կը պատմէ 14-ամեայ Տիգրանին եւ անոր սխրանքներուն մասին։
Տիգրանը երազկոտ, վառ երեւակայութեամբ, արկածախնդիր պատանի է։ Կ՛երազէ հնէաբան դառնալ ու նոր տեղեր, տարածքներ, նոր գանձեր գտնել։
Եւ ահա Տիգրանին գիւղը՝ Լուսաշէն մը կու գայ Նաթանայէլ անունով անծանօթ մը, որուն հաճոյք կը պատճառէ պեղումներ ընելը։ Նաթանայէլը կը գտնէ հին ձեռագիր մը, որուն մէջ գրուած է, թէ գիւղը ունի թաքուն գրադարան, ուր շատ թանկարժէք ձեռագրեր կան։ Այս լուրը տարածուելէն յետոյ Նաթանայէլը կ՛առեւանգեն եւ կը նետեն քարանձաւի մէջ։
Արդեօք ո՞վ կրնայ օգնել Նաթանայէլին դուրս գալու քարանձաւէն ու գտնել գաղտնի գրադարանը։
Եկէք միասին գտնենք այս հարցերուն պատասխանները եւ իմանանք, թէ ինչպէ՞ս պէտք է սիրել ու գնահատել այն արժեքները, որոնք ստեղծած ու մեզի փոխանցած են մեր պապերն ու հայրերը։
Սիմոնեանին ամենահետաքրքրական գրքերէն մէկը կարդացէք մեր մօտ՝ դասական ուղղագրութեամբ նաեւ։
Ցտեսութիւն Նաթանայէլ՝ https://vlume.com/hye/item/EB-1189
Իսկ հեղինակին արդի ուղղագրութեամբ էլեկտրոնային ու ձայնային մնացեալ գրքերը կը գտնէք այստէղ՝ https://vlume.com/hye/person/EN-402

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *