Եթէ երեւակայական գրքերու սիրահար էք, բայց մինչեւ հիմա չէք կարդացած Կարեն Սիմոնեանէն ոչ մէկ գիրք, ապա սկսէք հիմա՝ կարդալով անոր «Մոգական պատմութիւն» գիրքը։ Գիրքը բաղկացած է տարբեր պատմուածքներէ, անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր նիւթն ու հերոսները, բայց բան մը կայ, որ ընդհանուր է՝ նպատակը․ բացայայտել բարոյական ու մնայուն արժէքներ:Այս գրքին հեղինակը կը պատկերէ է մեր ապագան յիսուն տարի ետք: Ապագայ, ուր մարդիկ կ՛ապրին Երկիր մոլորակէն դուրս, բայց միշտ կը կարօտնան հայրենիքը, Կոմիտասի երգերը: Պատմուածքներուն հերոսները մարդամեքենաներ են, որոնք կ՛ուզեն մտերմանալ մարդոց հետ: Պատկերացուցէք՝ դասարանը կ՛ունենայ նոր աշակերտ մը, բայց այդ աշակերտը մարդամեքենայ է։ Միւս աշակերտները կը սկսին ոչ միայն քիչ-քիչ մտերմանալ անոր հետ, այլ շատ կը ցանկան մարսերէն սորվիլ։ Մէկ խօսքով, իսկական գեղեցիկ երեւակայական գիրք, որը պէտք է անմիջապէս կարդալ ու մտովի դուրս գալ Երկիր մոլորակին սահմաններէն:Գիրքը կրնաք ընթերցել այստեղ նաեւ՝ դասական ուղղագրութեամբ․
Մոգական պատմութիւն՝ https://vlume.com/hye/item/EB-1191