Skip to content

«Երիտասարդ ըլլալ եւ երգե՜լ, ծեր ըլլալ եւ աղօթե՜լ։ Այս է կեանքը։ Ա՜հ, գեղեցիկ կեանք մ’ալ կայ. Սէրն է այդ. «Երգե՜լ, աղօթե՜լ ու սիրե՜լ»։ Պետրոս Դուրեան


Այսօր արեւմտահայ նշանաւոր բանաստեղծ Պետրոս Դուրեանի ծննդեան օրն է: Միայն գրքերը չէ, որ ունին իրենց ճակատագիրը, գրողները նոյնպէս ունին իրենցը: Քիչ գրողներ կան, որոնց ճակատագիրը նոյնքան տխուր է, որքան Դուրեանինը:Ան հեռացաւ կեանքէն քսանմէկը չբոլորած, հեռացաւ՝ երազելով իր պատրաստած տաղերուն փոքրիկ ժողովածուին «Արեւը տեսնելը»: Ի հարկէ, շատերը գրած են ու փաստած Դուրեանին բացառիկութիւնն ու հանճարը, բայց անոնցմէ ամենէն իւրայատուկը, թերեւս Մեծն Լոռեցին է նկարագրած. «Ապրելու եւ սիրուելու իրաւունքով ծնուած բանաստեղծը միայն կեանքի «սեւ կաթը» ըմպեց, բայց երբեք չդաւաճանեց իր քնարն ու վեհ կոչմանը: Իր մեծ նախորդ Սայաթ-Նովայի նման «զայրացաւ», բայց երբեք չանիծեց»: Միայն տիեզերական ոգիին հաղորդակից հանճարը կրնայ այսքան հաշտ ըլլալ մահուան հետ, որքան Դուրեանը։ Սա կը փաստէ Դուրեանի խօսքը․ «Երբեք մի մտաբերեր, որ ես յուսահատ եմ, բնա՜ւ, բանաստեղծ մը մահուանէ չսոսկար, այն ատեն իրաւունք ունէի ցաւելու, երբ ամէնքն անմահ ըլլային եւ ես միայն մահկանացու»։ Դուրեանին տխրութիւնը սիրելի է, Դուրեանը կը շարունակէ մնալ իր վաստկած իւրայատուկ տեղը, Դուրեանը հայ գրականութեան սկիւտարի սոխակն է։

Պետրոս Դուրեան՝ https://vlume.com/hye/person/EN-32

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *