Skip to content

Արամ Հայկազին յուշերը Երեւանի մասին

«Գացէ՛ք ու ձեր աչքով տեսէք Հայաստանը»: Արամ Հայկազ

Հայաստանը բոլոր ժամանակներուն եղած է ներշնչանքի աղբիւր ե՛ւ հայ, ե՛ւ օտարազգի գրողներու համար: Արժէքաւոր են յատկապես յուշերը, որոնք կը պատմեն երբեւէ Հայաստան այցելած մեր հայրենակիցները:
Այս անգամ եկէք միասին բացայայտենք մեր վարդագոյն քաղաքը՝ Արամ Հայկազին աչքերով:
Երբ Արամ Հայկազը եկած էր Երեւան, իր բոլոր տպաւորութիւնները, զգացումները մէկ-մէկ յանձնած է թուղթին: Եւ հիմա, մենք կարդալով, կը հասկնանք, որ բնօրրանը կորսնցուցած հայու աչքերով բազամապատիկ գեղեցիկ, հմայիչ է Հայաստան աշխարհը իր մայրաքաղաք Երեւանով: Առաջին տպաւորութիւնը Երեւանէն եղած է սեւ թութը՝ «Սեւ թութ ունէին պարտէզը, ձեռքովս ժողուեցի ու կերայ»: Հայկազը կնոջը նամակ գրել ու պատմել չէր հասներ, որովհետեւ Երեւանի մէջ առօրեան շատ յագեցած էր, ժամանակը՝ քիչ, ըսելիքը՝ շատ: Եւ ահա, Հայկազը կը գրէ կնոջը. «Բանաստեղծ Գէորգ Էմինը եւ Նորենցը եկած էին զիս պտոյտի տանելու։ Գացինք Երեւանը պտտելու եւ յուշարձանները տեսնելու։ Հոյակապ բաներ շինած են Ապրիլեան եղեռնի յիշատակին, հոյակապ։ Երբ գամ, պատմելով չի հատնիր։ Դժուարին պայմաններու մէջ մարդիկ ինչե՜ր են շիներ, գլուխ հաներ։ Ուրախ եմ, որ եկայ»։
Ամենահետաքրքրականը Շիրազին հետ հանդիպումն էր, որուն մասին կը գրէ. «Հօթէլին դուռը 500 հոգիի մէջ համբուրեց ձեռքս. «Սփիւռքի մէջ թիւ մէկն ես, ու մենք միայն երեք գրող ենք ունեցած՝ Համաստեղ, Բակունց, Հայկազ»։ Անշուշտ գինովի խօսքեր են ասոնք, բայց հաճելի էր լսելը»։ Հայկազ կ՛արձանագրէ, որ 2750 տարեկան Երեւանը բացառիկ ուրախ քաղաք է։ Աշխարհի ամենահմայիչ քաղաքին մէջ Հայկազը շատ սիրուն բաներ տեսաւ:
Այս բոլորին մասին աւելի մանրամասն կարդացէ՛ք Հայկազի «Կարօտ» գրքին մէջ:

Կարօտ՝ https://vlume.com/hye/item/EB-120

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *