Ահա կրկին իրար դէմ դիմաց եկան արեւելահայերէնն ու արեւմտահայերէնը։ Եթէ հետեւիք մեր «Այսքան տարբեր հայերէնները» շարքին, կը համոզուիք, որ հայերէնի երկու լեզուաճիւղերուն հանդիպումը շատ հետաքրքրական է։ Այս անգամ անդրադարձած ենք ՄԱԿԱՆՈՒՆ բառին։
Երբ արեւմտահայերէն խօսող մը ձեր մականունը հարցնէ, ուրեմն պէտք է գրէք ձեր ԱԶԳԱՆՈՒՆԸ, սիրելի արեւելահայերէն խօսող։ Իսկ արեւելահայերէն խօսողը այդպէս չի հասկնար։ Արեւելահայերէն խօսողը մականունին դիմաց կը գրէ իր վերադիր անունը։ Որպէսզի թիւրիմացութիւն չըլլայ, պէտք է հաւասարապէս տիրապետենք մեր երկու լեզուաճիւղերուն, որպէսզի իմանանք, որ արեւմտահայերէնին մէջ մականուն կը նշանակէ ազգանուն, իսկ արեւելահայերէնին մէջ՝ վերադիր անուն, կեղծ անուն։ Իսկ ո՞ւր, ինչպէ՞ս կրնանք գտնել երկու լեզուաճիւղերով գրքեր, եթէ ոչ Vlume գրադարանին մէջ։ Անպայման ժամանակ յատկացուցէք ե՛ւ արեւելահայերէնին, ե՛ւ արեւմտահայերէնին․․․ պարզապէս՝ հայերէնին։
Web: https://vlume.com/
Android: https://vlume.com/download/android
iOS: https://vlume.com/download/ios