Եթէ բախտը ըլլար եւ հանրածանօթ գրողներ մեր օրերուն մէջ յանկարծ երեւային՝ շատ հետաքրքրական բաներու ականատես պիտի ըլլայինք: Այս անգամ ըսենք թէ մեր ժամանակին մէջ եկած են արեւմտահայ գրականութեան երկու տիտաններ՝ Անդրանիկ Ծառուկեանը եւ Զահրատը: Ըսենք թէ Զահրատը կ’աւարտէ իր «Մեծ քաղաքը» ժողովածուն եւ կապ կը հաստատէ Ծառուկեանին հետ պատմելով անոր մասին: Զահրատը նաեւ կ’ուզէ իմանալ, թէ ո՞րն է Ծառուկեանին ամենասիրելի քաղաքը: Իսկ Ծառուկեանին գրիչին ծանօթները հիմա արդէն անդրադարձան քաղաքին անունին: Եկէք մեր մեծերը մեր օրերուն բերենք ոչ միայն պատկերացնելով, այլեւ անոնց գործերը կարդալով:
Զահրատ՝ https://vlume.com/hye/person/EN-22
Անդրանիկ Ծառուկեան՝ https://vlume.com/hye/person/EN-45