Ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ, որ հեծիկը չ՚իյնար երբ կը քշես, բայց կը կորսնցնէ իր հաւասարակշռութիւնը երբ կը կենաս։
Պարզ բան է կը կարծես, բայց իրականութեան մէջ՝ գիտութիւն կայ այդ հարցին մէջ։
Եկէ՛ք միասին փորձենք բացայայտել այս երեւոյթը՝ #Vlume-ի մանկապատանեկան «Խաղ եւ Բնագիտութիւն» շարքին «Հեծիկ» գիրքին օգնութեամբ։
Գիրքը կրնաս կարդալ այստեղ՝ https://link.vlume.com/item/EB-1572
Սիրելի՛ ծնողք,
Այս գիրքը պիտի ոգեշնչէ ձեր զաւակները ոչ միայն հեծիկ վարելու, այլեւ հասկնալու թէ՝ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս կը ղեկավարուի այդ շարժումը։
«Հեծիկ» գիրքին մէջ երեխան պիտի ծանօթանայ՝
հաւասարակշռութեան եւ շարժումի օրէնքներուն
ձգողութեան ու ուժերու փոխազդեցութեան,
եւ ամենէն կարեւորը՝ պիտի սորվի մտածել եւ հարցումներ ընել։
Այս գիրքը արկածախնդրութիւն մըն է, ուր խաղն ու փորձը կը դառնան գիտական բացայայտումներու ուղի։
Վարէ՛ հեծիկդ, թերթէ՛ գիրքին էջերը, եւ թող ամէն պտոյտ երեխայիդ միտքը շարժման մէջ դնէ։