Ողջո՜յն, ես եմ քու մոլորակդ՝ Երկի՛րը, գունաւոր, կենսունակ ու գաղտնիքներով լեցուն։
Քու առաջին քայլերդ ես պահեցի իմ հողիս վրայ, քու առաջին ծաղիկդ ես ծաղկեցուցի։
Հիմա ժամանակն է, որ միասին շրջինք աշխարհիս մէջ, ու ես քեզի պատմեմ իմ գաղտնիքներէս։
Գիտե՞ս որ ես ալ ունիմ քոյրեր ու եղբայրներ՝ ճիշդ քեզի պէս։
Անոնց մասին ալ պատմած եմ, եւ երբ կարդաս այս գիրքը, անոնց ալ պիտի ծանօթանաս։
#Vlume-ի մանկապատանեկան «Մեր Երկիր Մոլորակը» շարքին այս գիրքը հրաւէր մըն է՝ ճամբորդելու դէպի գաղտնի անկիւններս` https://link.vlume.com/item/EB-1599
Այստեղ դուն պիտի տեսնես՝
ինչո՞ւ երբեմն ես մշուշոտ կ՚արթննամ, իսկ ուրիշ օրեր՝ արեւոտ ու ժպտերես,
ինչպէ՞ս անդադար կը դառնամ, առանց քու գլուխդ դարձնելու,
եւ ինչպէս կ՚ըլլայ որ երբ դուն քնանաս, քու ընկերդ աշխարհին միւս ծայրը արդէն դպրոցի ճամբուն է։
Կ՚ուզե՞ս ասոնց պատասխանները գիտնալ։ Ուրեմն՝ շտապէ՛ եւ թերթէ՛ այս գիրքը։
Սիրելի՛ ծնողք,
Այս գիրքը պիտի ներշնչէ ձեր զաւակները ոչ միայն զիս՝ Երկիր մոլորակը սիրելու, այլեւ հասկնալու, թէ ի՞նչ է բնութիւնը եւ ինչպէ՞ս ամէն բան իրար կապուած է։
Եւ ամենէն կարեւորը՝ պիտի սորվի խնայել ու պաշտպանել զիս՝ ձեր ապրած մոլորակը։
Ես յարատեւ կը դառնամ, բայց երբ դուն կը կարդաս այս էջերը, պահ մը քեզի համար կանգ կ՚առնեմ։ Կատակ ըրի: