Այսօր մեծանուն բանաստեղծ, հրապարակախօս եւ քաղաքական գործիչ Վահան Թէքէեանի ծննդեան օրն է։ Ան ստեղծեց այնպիսի գրականութիւն, որ պիտի խօսի գալիք սերունդներուն հետ՝ մղելով զանոնք գնահատելու գեղեցիկը եւ արժեւորելու արդարութիւնը։
Թէքէեանի ստեղծագործական աշխարհին կախարդական բանալին եղաւ սէրը, որ տառապանքն ու գեղեցկութիւնը, կրակն ու սառնութիւնը միախառնեց յուզական ու խոհական երգերու մէջ։ Եւ որքան Թէքէեան սուզուեցաւ Մարդու ու Մարդկայինին սիրոյ, խռովայոյզ հոգիին խորքերը, այնքա՛ն այրեցաւ Հայուն, Հայաստանին եւ Հայ լեզուին մեծագոյն սիրոյ հուրով։
Այն, ինչ որ Թէքէեանէն մեզի մնացած է, տակաւին կը շնչէ եւ դեռ երկար, շա՜տ երկար հազարաւոր նուրբ հոգիներ պիտի ապրին, վարակուին եւ մխիթարուին անոր ստեղծագործութիւններով։
Վահան Թէքէեան՝ https://vlume.com/hye/person/EN-12
