Այսօր հայկական զարթօնքի շրջանի հռչակաւոր կին գրող Զապէլ Եսայեանի ծննդեան օրն է։
20-րդ դարու բարդ ժամանակներու ականատեսն ու անոնցմէ անմասն չմնացած կին մըն էր, որուն անունը շուրջ քառասուն տարի շարունակ յայտնուեցաւ բազմաթիւ գիրքերու կազմերուն վրայ։ Ան կը պնդէր, թէ գրականութիւնը պերճանք մը չէ, այլ՝ զէնք։ Զէնք՝ իր նուրբ կանացի ձեռքերուն մէջ։
Եսայեան գրական ասպարէզ մուտք գործեց 19-րդ դարու վերջաւորութեան, երբ հասարակական ու քաղաքական պայմանները անկարելի էր շրջանցել իր գրականութեան մէջ։ Ան ոչ միայն գրող էր, այլ նաեւ գրական գործիչ, հասարակական գործիչ:
Զապէլ Եսայեան կը փնտռէր կնոջ նուրբ զգացումները եւ կը թափանցէր կնոջ հոգիին ամենանուրբ խորքերը։ Մեր գրականութեան մէջ ոչ ոք իրեն չափ չթարգմանեց կնոջ փխրուն հոգին՝ ներկայացնելու համար կնոջ լուռ տառապանքները եւ թաքուն թափուած արցունքները։
Ամերիկեան պարբերականները զինք կը նկատեն աշխարհի ամենախիզախ հինգ կիներէն մէկը։
Հայրենաբաղձ Զապէլ Եսայեան ձգեց Ֆրանսան եւ հայրենադարձ եղաւ։
Ափսոս որ իրեն ալ բաժին ինկաւ սթալինեան հալածանքներէն, որ աւարտեցաւ մահուան դատապարտումով:
Դարու ամենախիզախ հայ կնոջ նշանաւոր ստեղծագործութիւնները կարդացէ՛ք մեր մօտ։
Զապէլ Եսայեան՝ https://vlume.com/hye/person/EN-23
