Skip to content

«Արջուկը եւ Գորշ Գայլը»

Արջուկ՝ մեծ քաջ գամփռը» շարքին «Արջուկը եւ Գորշ Գայլը» գիրքը կը պատմէ լեռներուն մէջ մեծցող, հօտը պահող ու գիշերները արթուն մնացող պահապան գամփռի մը մասին։

Արջուկը եւ Գորշ Գայլը՝ https://vlume.com/hye/item/EB-1680

Արջուկը կը ճանչնայ իր մօր անցեալը, կը գիտնայ գայլերու վտանգը եւ իր պարտականութիւնը՝ պաշտպանել կենդանիները ու ընտանիքը։

Բայց լեռները միայն պայքար չեն սորվեցներ։

Գիշեր մը Արջուկը կը հանդիպի իր թշնամիին՝ ցաւի մէջ ու կարեկցանքի կարօտ վիճակով։ Եւ այդ պահուն ան պէտք է ընտրէ՝ յարգե՞լ ցաւողը, թէ յարձակիլ։

Իսկ ըստ քեզի՝ ո՞ր ուղին պիտի ընտրէ մեր Արջուկը։

«Արջուկը եւ Գորշ Գայլը» մանկական, բայց խորք ունեցող պատմութիւն մըն է քաջութեան, պատասխանատուութեան եւ յարգանքի մասին։

Պատմութիւն մը, որ ցոյց կը տայ՝ թէ իսկական ուժը երբեմն վնասողին վրայ ոչ թէ յարձակիլն է, այլ մտածուած կանգ առնելը։

Գիրք մը փոքր ընթերցողներու համար, բայց մեծ հարցերով։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *