1869-ի այս օրը ծնած է Lեւոն Շանթը, որ ստեղծեց ոչ միայն «Հին Աստուածները», այլեւ հայ գրականութեան այլ գլուխ գործոցներ։
Շանթը յայտնի է իր բացառիկ աշխատասիրութեամբ եւ մտքի կարգապահութեամբ։ Ան գրած է գիտամանկավարժական գիրքեր, եւ կազմած այբբենարաններ։ Ան կը գործէր նոյնիսկ այն ատեն, երբ մահը դրան ետեւն էր, եւ չկար փրկութեան ելք անբուժելի հիւանդութենէն։
Շանթին թատերախաղերը, յատկապէս «Հին Աստուածները» եւ «Կայսրը», հայ գրականութեան մէջ խորհրդապաշտութեան ամենացայտուն դրսեւորումներէն են։
Այս միջահասակ ու հանդարտաբարոյ մարդը երբեք իր հեղինակած թատերախաղերուն ներկայացումներուն ներկայ չէր ըլլար, նոյնիսկ երբ դերի մը համար կը վիճէին անուանի դերասաններ։ «Հին Աստուածները» կը դղրդար քաղաքներուն մէջ, իսկ հեղինակը չէր երեւար ընդհանրապէս։ Կ՛ըսեն՝ Շանթը չէր երթար իր գործերուն ներկայացման, որովհետեւ շատ վատ կը զգար, երբ գրածին մէջ փոփոխութիւն տեսնէր։
Շանթին հարուստ ժառանգութիւնը իր ուրոյն տեղը ունի ոչ միայն հայ գրականութեան մէջ, այլեւ մեր գրադարանին մէջ։
Լեւոն Շանթ՝ https://vlume.com/hye/person/EN-6
