«Սիրելի՛ Աստուած, աշխարհը ստեղծած պահուդ շատ յոգնեցա՞ր․․․»։
Այսպիսի անմիջական ու մաքրամաքուր սրտերէ բխած հարցումներով լեցուն է Արամ Հայկազի «ԱՊՐԷ՛Ք, ԵՐԵԽԷ՛Ք» չափազանց հետաքրական գիրքը։ Այս մեր «Հայ Գրականութեան Գոհարներ» մանկապատանեկան շարքին նոր հատորն է։
«Ապրէ՛ք, երեխէ՛ք»՝ https://vlume.com/hye/item/EB-1699
Այս գիրքը միայն երեխաներուն համար չէ։ Ան մեզ՝ մեծերուս համար է, որպէսզի վերյիշենք, թէ ինչպէս է պէտք նայիլ աշխարհին՝ առանց բարդոյթներու եւ սիրով լեցուն։ Հոս բադիկները փրկող փոքրիկներն են, Աստուծմէ հեռաձայնի թիւը հարցնող տղան ու մանկութեան այն անկեղծութիւնը, որը երբեմն կը կորսնցնենք առօրեային մէջ:
Ի՞նչ կու տայ մեզի գիրքը․
Արամ Հայկազին թեթեւ եւ հիւմորով լի արեւմտահայերէնը։
Ջերմութիւն, որը կը տաքացնէ ձեր երեկոները։
Իսկական նուէր ձեր զաւակներուն եւ թոռնիկներուն։
Բացայայտեցէ՛ք հայ գրականութեան ամենաքաղցր էջերը մեր նոր գիրքին հետ։
