Արեւելեան կողմն աշխարհի Խաղաղութի՜ւն թող ըլլայ…
Արեւմտեան կողմն աշխարհի Բերրիութի՜ւն թող ըլլայ…
Հիւսիսային կողմն աշխարհի Առատութիւն թող ըլլայ…
Հարաւային կողմն աշխարհի Պտղաբերում թող ըլլայ… Դանիէլ Վարուժան
Այսօր 20-րդ դարու արեւմտահայ գրականութեան նշանաւոր բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանի ծննդեան օրն է:
Բանաստեղծները չեն մեռնիր. անոնք կը շարունակեն ապրիլ սերունդներուն հետ: Ամէն բանաստեղծ նպատակ-բաղձանք մը կ’ունենայ: 1908-ին Վարուժանը յայտնեց զայն.
«Բաղձանքս է ապագայի մարդերուն նուիրել այնպիսի հզօր երգ մը, որ հայրենիքը ինծի պէս արարած մը ծնած ըլլալուն գոնէ չզղջայ»:
Վարուժանին բաղձանքը իրականացած է. ան այդպիսի շատ երգեր նուիրեց «ապագայի մարդերուն», եւ հայրենիքը կը պարծենայ իր զաւակով, որը հայրենիքի տառապանքին ու երազին երգիչը եղաւ, ապրեցաւ մեռնող բանուորին ու հիւծախտաւոր բանուորուհիին ճակատագիրով: Ան նկատեց ու տեսաւ դաժան իրականութիւնը եւ հոգիի աչքերով պատկերացուց երազը՝ իրականութեան չափ շօշափելի, երազը՝ խաղաղ ու երջանիկ ապագայի:
Հակառակ անոր որ իր կեանքը ընդհատուեցաւ ողբերգականօրէն՝ Մեծ Եղեռնի օրերուն, հազիւ 31 տարեկան հասակին, ան հասցուց ստեղծել գրական անմահ ժառանգութիւն: Վարուժանը մեզի սորվեցուց, որ նոյնիսկ ամենադժուար ժամանակներուն պէտք է ձգտիլ դէպի լոյսը, գեղեցիկը եւ արդարը:
Այսօր՝ իր ծննդեան օրը, լաւագոյն բանը որ կրնանք ընել՝ իր ստեղծագործութիւնները թերթելն ու վերյիշելն է:
Դանիէլ Վարուժան՝ https://vlume.com/hye/person/EN-20
