Քանի որ բոլորս ալ նոյն
նաւը նստեր կը սուրանք անվերադարձ
Քանի որ բոլորս ալ նոյն
անձկութեամբ կը կառչինք նաւին խօլարշաւ
Ու քանի որ բոլորս ալ նոյն
թափով կը հրենք անոնք որ կʼիյնան վար
Ո՞վ պիտի հարցնէ մեզի այս գիշեր
ո՞ւր եւ ինչո՞ւ
Քանի որ բոլորս ալ նոյն
հարցումէն կը փախչինք։ Զահրատ
Սփիւռքահայ գրականութեան ինքնատիպ, իւրայատուկ համ ու հոտ ունեցող գրողին՝ Զահրատի ծննդեան օրն է այսօր։
Բանաստեղծութիւնը յաճախ համեմատած են անսահմանութեան հետ՝ թերեւս իր ուժին, ներգործութեան ու մշտատեւութեան շնորհիւ։ Իսկ Զահրատին քերթողութիւնը ՍԱՀՄԱՆ է։ Նոր սահման մը, որուն առջեւ կը կենանք։ Անոր բանաստեղծութիւնները կարդալէ առաջ եւ ետք դուն նոյն մարդը չես մնար. անտեսանելի, բայց զօրաւոր ուժ մը տակնուվրայ կ’ընէ հոգիդ։
Զահրատը մեզի սորվեցուց, որ բանաստեղծութիւնը միայն վեհ ու վերամբարձ բառերը չեն։ Ան կրնայ պահուըտած ըլլալ սովորական, մանրուք թուացող իրերու մէջ՝ անձրեւի կաթիլի մը կամ մեր բոլորին մէջ ապրող «Կիկոյին» առօրեայ հոգերուն մէջ։ Անոր տողերը թեթեւ են, ժպիտով համեմուած, բայց եւ խորունկ ու փիլիսոփայական։
«Աշխարհի մէջ ամէն բան կրնայ ըլլալ բանաստեղծութիւն…» – այս է անոր նշանաբանը։
Եթէ կը փափաքիք աշխարհին նայիլ քիչ մը աւելի բարի, քիչ մը աւելի պարզ ու անկեղծ հայեացքով, ուրեմն Զահրատ կարդալը լաւագոյն լուծումն է։
