Skip to content

«Նախասիրած մարզախաղս»․ Ճատրակ

Պատրա՞ստ ես մտային ճակատամարտի մը։ Ուրեմն մեր սիրուած «Նախասիրած մարզախաղս» շարքին «ՃԱՏՐԱԿ» նոր գիրքը քեզ կը հետաքրքրէ.

«ՃԱՏՐԱԿ»՝ https://vlume.com/hye/item/EB-1711

Այս մարզաձեւին մէջ միակ զէնքդ քու կեդրոնացումդ, սուր մտածողութիւնդ, ռազմավարութիւնդ եւ մտային տոկունութիւնդ է։

Գիրքը կը բացայայտէ՛ 64 քառակուսիներու հրաշալի աշխարհը. Ճատրակին պատմութիւնը. Հնդկական «Չաթուրանկա»-էն մինչեւ Մակնըս Քարլսընի բացառիկ վարկանիշները։

Ճանչնանք Բանակը.

Ինչպէ՞ս կը շարժին զինուորները, ինչո՞ւ թագուհին ամենահզօրն է, եւ ինչպէ՞ս պաշտպանել ծանրաքայլ արքան։

Գաղտնի տեղաշարժեր. Ի՞նչ է Փոխատեղումը (Castling), Փոխարկումը (Promotion) եւ ինչպէ՞ս տիրապետել Սկզբնախաղին ու Վերջնախաղին։

Հայաստանը եւ Ճատրակը. Ծանօթացի՛ր մեր ճատրակի հերոսներուն՝ «Երկաթեայ Տիգրան» Պետրոսեանին եւ շախմատային արուեստագէտ Լեւոն Արոնեանին ու իմացի՛ր, թէ ինչպէս մեր պզտիկ երկիրը կրնայ նուաճել աշխարհի ուղեղները։

Ճատրակը պարզապէս խաղ մը չէ, ան քեզ կը փոխէ։ Կը սորվեցնէ մտածել նախքան շարժում ընելը եւ ճնշումի տակ հանդարտ մնալ։ Խաղատախտակը պզտիկ է, բայց զայն կերտող միտքը՝ անսահման։

Գիրքը կատարեալ նուէր է թէ՛ սկսնակներուն եւ թէ՛ ապագայ Գրոսմայսթըրներուն համար։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *