Հայ գրականութեան Նորավէպի Իշխանին՝ Գրիգոր Զօհրապին ծննդեան օրն է այսօր։
Զօհրապին ժամանակակիցները զայն կը կոչէին ոսկեբերան, նոր սերունդի յանդուգն ու հզօր յառաջապահը, երկաթէ նկարագիրով խիզախ գրող, քալող միջնաբերդ, իսկ անոր խօսքը անուանած են «հանճարի անձրեւներ»։
Շնորհիւ բազմակողմանի օժտուածութեան եւ փայլուն իմացութեան՝ Զօհրապը կը համարուէր առաջնակարգ դէմք՝ արժանանալով նոյնիսկ թշնամիներու հիացմունքին ու գնահատման։
Այսպէս են իսկական մեծութիւնները։
Դիւրահաւատ, հաւատարիմ ու անձնազոհ մարդիկ են հայ մտաւորականները, անոնց մէջ նաեւ՝ Զօհրապը: Դեռ Պոլսոյ մէջ իրեն առաջարկած էին փախչիլ եւ փրկել կեանքը: Ան պատասխանած էր. «Որո՞ւ թողում աս անտէր ու անգլուխ ժողովուրդը: Չէ, փախչիլ չեմ կրնար, պէտք է, պարտս է մինչեւ վերջ պատնէշին վրայ կենալ»:
Զօհրապ մեզ կը հմայէ ո՛չ միայն որպէս գրող՝ իր անմահ երկերով, այլեւ որպէս մարդ՝ իր խիզախ ու վեհ նկարագիրով, իր հայրենասիրութեամբ։
Նորավէպի իշխանը կը շարունակէ մնալ հայ ժողովուրդի փառքերէն մէկը այնքան ատեն, որքան կ՚ապրի հայ գրականութիւնն ու ժողովուրդը։
Այսօր մենք ո՛չ միայն յետադարձ հայեացք կը նետենք անոր թողած հարուստ ժառանգութեան, այլեւ վերստին կը սորվինք իրմէ ըլլալ սկզբունքային, ապրիլ լիարժէք, գրել խիզախօրէն եւ սիրել հայրենիքն ու մարդը՝ աննահանջ ու անվախ։
Գրիգոր Զօհրապ՝ https://vlume.com/hye/person/EN-19
