Արեւմտահայ բանաստեղծ Մեծարենցը իր կարճատեւ կեանքին ընթացքին թէեւ չհասաւ վայելել անձնական սէրը իր խորութեամբ, սակայն անոր ամբողջ ստեղծագործութիւնը լեցուն է սիրով։
Կեանքի վերջին տարիներուն բանաստեղծին համար ներշնչանքի աղբիւր եղած է իր բժիշկ՝ Տիգրան Գասապեանի կինը՝ բժշկուհի Օֆելիա Ներկարարեանը։ Անոնք շատ մտերմացած են, միասին երկար դադարներ ունեցած եւ գրականութեան մասին զրուցած են։
Իր յուշերուն մէջ Օֆելիան կը գրէ, թէ ինչպէս Մեծարենց Պոլսոյ բնապատկերները կը համեմատէր իր գիւղի տեսարաններուն հետ։ Ան երեկոները այցելած է բժշկուհիին, որը իրեն համար երգեր ալ երգած է։ Հրաժեշտին բանաստեղծը բացագանչած է՝ «ապրեցա՜նք այսօր»։
Գրողին կենսագիրը՝ Թորոս Ազատեան կը վկայէ․ «Միսաք իբրեւ կին կը ճանչնար միայն տոքթ. Օֆելիան. զարգացած, մանաւանդ իտէալ հայ կինը կը գտնէ անոր մէջ եւ անոր հետ կը կապուած գաղափարական սիրով մը»։
Իր նամակներէն մէկուն մէջ Մեծարենց կը գրէ․ «…դուն հաւատքի մը չափ քաղցր ու ամոքիչ ու կորովի նեցուկ մը եղար իմ գաղափարիս, որ կը գահավիժէր հայ աղջիկներու ապագային մասին կազմած յուսահատութեանս փոսին մէջ. դուն ճառագա՜յթ մը եղար, այդ փոսին վրայ նշուլող ճառագա՜յթ մը»։
Գուցէ Մեծարենցին համար սէրը ճիշդ սա էր՝ մարդ մը, որ կը յայտնուի կեանքի ամենամութ պահուն եւ կը դառնայ «ճառագա՜յթ»։
Եւ գուցէ այդ պատճառով անոր կարճ կեանքը մեզի թողուց այդքան երկար ապրող բանաստեղծութիւններ, որովհետեւ որոշ զգացումներ պարտադիր չէ, որ ամբողջանան կեանքին մէջ, բայց կը յաւերժանան գրականութեան մէջ։
Միսաք Մեծարենց՝ https://vlume.com/hye/person/EN-30
