Ողջո՜յն, սիրելի՛ բեւեռախոյզ բարեկամներ։ Գիտէ՞ք, թէ ո՛ւր են մեր մոլորակի ամենէն ցուրտ, բայց միեւնոյն ժամանակ ամենէն լուսաւոր ու խորհրդաւոր անկիւնները․․․ Սիրով կը ներկայացնենք «Երկիր Մոլորակ» մատենաշարի նոր հատորը՝ «Բեւեռային Շրջաններ»-ը՝ https://vlume.com/hye/item/EB-1766
Այս գիրքը պարզապէս սառոյցի ու ձիւնի մասին պատմութիւն չէ, այլ իսկական ճամբորդութիւն մըն է, որ ձեզ կը տանի դէպի Հիւսիսային եւ Հարաւային բեւեռներ՝ բացայայտելու մեր տան՝ Երկիր մոլորակի շա՛տ հետաքրքրական գաղտնիքները։
Ի՞նչ պիտի տայ այս գիրքը փոքրիկներուն․
Պիտի բացայայտէ բնութեան հրաշքները. Ինչո՞ւ Հիւսիսը լողացող ովկիանոս է, իսկ Հարաւը՝ սառցաշերտի տակ թաղուած ցամաքամաս, եւ ինչպէ՞ս գիշերները կը շողան կանաչ ու մանիշակագոյն Բեւեռափայլով։
Պիտի ծանօթացնէ զարմանահրաշ բնակիչներուն․ բեւեռային արջերուն, փինկուիններուն, հսկայ կէտերուն եւ այն փոքրիկ ծովածիծառին, որ իր կեանքի ընթացքին այնքան կը թռչի, որ կրնար Լուսին հասնիլ ու վերադառնալ։
Արդէն պատրա՞ստ էք, որպես բեւեռախոյզ բանալու գիրքին էջերը, միասին զարմանալու, սորվելու եւ մեր մոլորակը աւելի շատ սիրելու․․․
