Skip to content

«Փոքրիկ Տնտեսագէտներ»

Ուրախութեամբ կը ներկայացնենք մեր մանկապատանեկան նոր շարքը՝ «Փոքրիկ Տնտեսագէտներ»ը։ Շարքին նպատակն է՝ պարզ, հասկնալի, հետաքրքրաշարժ պատմութիւններու եւ գունագեղ նկարազարդումներու միջոցով երեխաներուն ծանօթացնել տնտեսագիտութեան, այդ աշխարհէն ներս նախաքայլերը առնել, եւ թէ՝ ի՞նչ է դրամը։

Ահաւասիկ այս շարքին առաջին գիրքը՝ https://vlume.com/hye/item/EB-1765

Գրքին հերոսը՝ պզտիկ Արջիկը, աշխարհի վրայ ամէն բանէ աւելի մեղրը կը սիրէ։ Առտու մը ան որոշեց իր ամենալաւ կաղինները փոխանակել տաք, մեղրահամ կարկանդակով։ Բայց շուկային մէջ փորձառութիւն մը զինք կը սպասէր․

Հացագործ Պույ Պույին կաղին պէտք չէր, այլ՝ կարագ

Կարմիր Կովիկին կարագի տեղ երեքնուկ պէտք էր

իսկ Կաղին Սկիւռիկին ճիշդ այդ պահուն միայն կաղին էր պէտք։

Այս պատմութեան միջոցաւ փոքրիկները, Արջիկին հետ, քայլ առ քայլ պիտի բացայայտեն թէ․

Ի՞նչ է ապրանքներու փոխանակումը, ինչո՞ւ կաղինը կամ երեքնուկը ամէն տեղ չեն ծառայեր, ի՞նչ է դրամը եւ ինչո՞ւ անիկա շուկայէն կրնայ գնել «ամէն ինչ»։ «Փոքրիկ Տնտեսագէտներ» շարքը հիանալի առիթ է երեխաներուն հետ տնտեսագիտութեան առաջին քայլերը առնելու՝ խաղալով։