Vlume-ը ուրախ է յայտարարելու Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքին հետ իր գործակցութիւնը երկարաձգելու մասին երեք տարիով եւս, նպատակ ունենալով ընդլայնել թուային գրադարանը՝ հարստացնելով հայ գրականութեան բաժինը:
2016 թուականէն ի վեր Vlume-ը կը համագործակցի Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հետ՝ նոր շունչ տալով հայ գրականութեան թուայնացման, ինչպէս նաեւ նոր բովանդակութիւն ստեղծելով: Այս համագործակցութեան շնորհիւ արդէն 300 ելեկտրոնային գիրքեր ու «Գանձերու Կղզին» մանկապատանեկան ֆիլմաշարի 26 դրուագները հրատարակուած են: Շարունակական գործակցութիւնը անշուշտ, կ՚ընդլայնի այսօրերու այս կենսական նախաձեռնութեան միջոցով:
Vlume-ը ամենամեծ եւ առաջնակարգ հայկական թուային գրադարանն է, որը օգտատէրերուն հնարաւորութիւն կու տայ կարդալ եւ լսել իրենց սիրելի գրքերը՝ իրենց առօրեայ հանգիստին կամ թոհուբոհին մէջ, իրենց ունեցած ոեւէ գործիքի միջոցով: Vlume-ի ընտանիքը երախտապարտ է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքին աջակցութեան եւ հովանաւորութեան համար: