Skip to content

Vlume-ը ուսուցիչներու համար

Ուսուցիչին ծանր աշխատանքը կրկնակի կը ծանրանայ հայրենի երկրին սահմաններէն դուրս, երբ անոր ուսերուն կը դրուի նաեւ հայապահպանութեան պատասխանատուութիւնը։ Այս պարագային համագործակցութիւնը հայ գրադարանին հետ բաւական կը թեթեւցնէ անոր բեռը։ Ինչպէ՞ս կ’օգտագործեն ուսուցիչները Vlume-ը՝ ի նպաստ դասին։

Բովանդակութեան մատչելիութիւն։ Բազմաթիւ գիրքերու մատչելիութիւնը այլեւս խոչընդոտ չէ դասը լիարժէք դարձնելու համար։ Ուսուցիչները իրենց դասերը կրնան կազմակերպել՝ հաշուի առնելով իրենց աշակերտներուն կարողութիւններն ու հմտութիւնները։

Ընթերցանութեան վերահսկում։ Ուսուցիչը ունի մատչելիութիւն թուային գրադարանին մէջ, որմով կրնայ ստուգել թէ աշակերտները ի՞նչ գիրքեր կը նախընտրեն կարդալ՝ բացի յանձնարարուածէն, եւ դեռ աւելին՝ քանի՞ էջ կարդացած կամ լսած են։

Ամառնային ընթերցանութեան կազմակերպում։ Թուային գրադարանին շնորհիւ ամառնային ընթերցանութիւնը կը դառնայ ոչ թէ պարտականութիւն, այլ հաճոյք։ Անընդհատ համալրման շնորհիւ աշակերտները կրնան գտնել իրենց յանձնարարուած գիրքերը երկու ձեւաչափով՝ թուային եւ ձայնային։ Իհարկէ Vlume-ը միայն այսքանով չէ որ կ՛օգնէ ուսուցիչին․ մօտ ատենէն դեռ շատ նորութիւններ կան, որոնք ձեզ հաստատ պիտի զարմացնեն։ Սիրելի՛ ուսուցիչներ, եթէ կը փափաքիք դուք ալ ունենալ հետաքրքրական, բովանդակալից դասեր, ապա միացէ՛ք մեզի։ Եկէ՛ք միասին աշխատինք՝ ի նպաստ հայ սերունդին։

Համագործակցութիւններու համար կրնաք գրել հետեւեալ հասցէին՝ info@vlume.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *