Կը յիշէ՞ք մեր բարի Արջուկը… Ան քիչ մը տխրած է։
Իսկ գիտէ՞ք ինչու․․․ Որովհետև երբեմն մեծ ուրախութեան ու իրարանցումի մէջ մենք կը մոռնանք զիրենք, որոնք ամենէն շատ մեզ սպասած ու սիրած են։
Սիրելի՛ ընթերցողներ, սիրով կը ներկայացնենք մեր «Արջուկ՝ Մեծ Քաջ Գամփռը» շարքի նոր, յուզիչ ու ջերմ գիրքը: https://vlume.com/hye/item/EB-1749
Այս պատմութիւնը պարզապէս արկածներու մասին չէ, այլ անսահման նուիրուածութեան, լուռ հոգատարութեան եւ իսկական ընկերութեան մասին, որ երբեք չի մարիր, նոյնիսկ երբ զայն պահ մը մոռնան:
Ի՞նչ պիտի տայ գիրքը փոքրիկներուն․
Պիտի սորվեցնէ նկատել ու գնահատել մեր քով գտնուող լուռ ու հոգատար ընկերները։
Պիտի օգնէ հասկնալ, թէ որքան կարեւոր է շնորհակալ ըլլալ անոնց, որոնք մեզ կը պաշտպանեն ու կը սիրեն։
Պիտի օգնէ ճանչնալու ու իմաստաւորելու անձնական զգացումները՝ կարօտը, ուրախութիւնը եւ նոյնիսկ անուշադրութիւնը։
Արդէն պատրա՞ստ էք միասին կարդալու, յուզուելու եւ Արջուկը ամուր-ամուր գրկելու…
