Ուրախութեամբ կը ներկայացնենք «Մեր երկիր մոլորակը» մանկապատանեկան շարքին նոր հատորը՝ «Արօտավայրեր եւ Դաշտավայրեր»՝ https://vlume.com/hye/item/EB-1728
Իսկ գիտե՞ս, թէ ժամանակ մը այն վայրը, ուր այսօր դաշտավայր է, ծովու յատակ եղած է։ Կամ ըսենք խոտը կրնայ վերստին աճիլ նոյնիսկ հրդեհէն ետք։
Այս գիրքին մէջ քեզի պիտի ուղեկցի Երկիր մոլորակը եւ քեզի պիտի պատմէ իր ամենալայն կանաչ տարածքներուն գաղտնիքները, պիտի ծանօթացնէ սաւաննաներուն, տափաստաններուն, առիւծներուն, ջայլամներուն, հայկական մուֆլոնին եւ նոյնիսկ Արարատեան վայրի ցորենին՝ այն բոյսին, որմէ սկսած է մարդկութեան հացի պատմութիւնը։
Բայց ասիկա պարզապէս կենդանիներու եւ բոյսերու մասին գիրք մը չէ. այլ ճամբորդութիւն մըն է, որուն ընթացքին շատ պիտի զարմանաս, շատ բան պիտի բացայայտես եւ վերջաւորութեան ինքզինքիդ պիտի հարցնես.
«Ես ի՞նչ կրնամ ընել, որպէսզի մեր մոլորակը պահպանուի»։
Եթէ կը սիրես գիրքեր, որոնք իւրաքանչիւր էջին քեզ կը ստիպեն ըսել. «Օ՜, աս չէի գիտեր», ապա այս նորութիւնը անպայման պէտք է գտնուի քու գրադարակիդ մէջ։
