Skip to content

Նոր գիրք․ «Վերադարձի Երգը․ Արամազդ»

Մեր մանկապատանեկան շարքը կը շարունակէ հարստանալ «Հայկական Դիցաբանութիւն» բացառիկ մատենաշարի երկրորդ հատորով։

Հայոց հնագոյն հաւատալիքներն ու աստուածները կրկին կը կենդանանան ժամանակակից, թարմ ու արկածներով լեցուն պատմութեան մը մէջ։

«Վերադարձի Երգը․ Արամազդ»` https://vlume.com/hye/item/EB-1748

– Դարձեալ ես եմ՝ Արան։ Կը կարծէի, թէ Բիւրականի Աստղադիտարան կատարած մեր այցելութեան ամենամեծ բացայայտումը հեռադիտակով Լուսնթագը դիտելը պիտի ըլլար։ Բայց կորսուած ու անաւարտ երգ մը՝ խաւարի, սպասումի ու յոյսի մասին, ամէն ինչ փոխեց։ Քոյրս՝ Նանէն, դարձեալ չդիմացաւ անյայտի կանչին, ու հին կնիքին օգնութեամբ մենք նորէն յայտնուեցանք Տիրին քով։ Ան մեզ տարաւ աստղային երկինքէն անդին՝ ուր աստուածներու հայրը՝ Արամազդը, պահապան կանգնած էր իր ժողովուրդին ու տիեզերքին։

Մենք մեր աչքերով տեսանք Մազէ Կամուրջը, Սեւ Ջուրերն ու Ստորերկրեայ աշխարհի խաբուսիկ ոգիները։ Ականատես եղանք, թէ ինչպէ՞ս Իմաստունը անվախ քալեց խաւարի մէջէն՝ ապացուցելով, որ ճշմարիտ զօրութիւնը ոչ թէ ձեռքդ բռնած գաւազանիդ, այլ փորձութիւններով կերտուած ոգիիդ մէջ է։ Մեր հետ ունէինք օրագիրս, որպէսզի գրի առնէինք երգին կորսուած տուները, որովհետեւ եթէ մենք չգրէինք, ոչ մէկը պիտի իմանար, որ ամենամեծ մութէն ետք ալ լոյսը անպայման կը վերադառնայ, ու հողը նորէն ազատ կը շնչէ։