«Ու մոխրացա՞ւ այն սենեակը կապոյտ,
Որուն որմերուն ետեւ եւ գորգերուն վրայ,
Իմ երջանիկ մանկութիւնս կը հրճուէր,
Եւ կեանքս կ՚աճէր եւ հոգիս իր թեւերը կ՚առնէր… » Սիամանթօ
1878 թուականին այս օրը ծնած է արեւմտահայ բանաստեղծ, հայոց կոտորածներուն ժամանակակից ու վերապրող Սիամանթօն։
Ակն աշխարհին մէջ ծնած պատանին, որուն գրական անունը շնորհեց Գարեգին Սրուանձտեանցը, դարձաւ հայ ժողովուրդի ցաւին, տառապանքին, բայց միեւնոյն ժամանակ՝ ըմբոստութեան եւ պայքարի ձայնը։
Սիամանթօ մեծցուցած է կեանքի պատկերները, գունազարդած, նահատակներուն ու հերոսներուն տուած է տիտանական ձեւեր, բայց այդ բոլորը կը բացատրուի գրողին նախընտրած գրական մեթոտով։ Ան բերած է ժողովրդական կամքի պատգամը։ Կը խօսի այն սերունդներուն հետ, որոնք կքած էին բռնապետութեան ծանրութեան տակ։ Գրողը աւելի շատ կը խօսի ոչ այնքան անցեալին ու ներկային, որքան գալիքին մասին։ Ան կրցած էր տեսնել դեռ չծագած արշալոյսները։
Սիամանթոյի իւրաքանչիւր ստեղծագործութիւն հոգիի ճիչ մըն է, որ անցաւ տասնամեակներու ընդմէջէն ու հասաւ մեզի։ Անոր բանաստեղծութիւնը այսօր ալ կը շարունակէ վառել յոյսի ու հայրենասիրութեան ջահերը մեր հոգիներուն մէջ։
Սիամանթօ՝ https://vlume.com/hye/person/EN-33
