Skip to content

«Անտառներ եւ Մայրանտառներ»

Ուրախութեամբ կը ներկայացնենք «Մեր երկիր մոլորակը» մանկապատանեկան շարքի նոր հատորը՝

«Անտառներ եւ Մայրանտառներ»` https://vlume.com/hye/item/EB-1721

Այս գունագեղ ու պատկերազարդ գիրքը ձեզ պիտի տանի հեքիաթային ճամբորդութեան մը՝ երկրագունդի մէկ ծայրէն միւսը, պաղ հիւսիսի բորեալ անտառներէն (թայկա), մինչեւ Արեւադարձային անձրեւային անտառները:

Գիրքին մէջ՝

կը ծանօթանաք խորհրդաւոր ամպային անտառներուն եւ աղի ջուրէն չվախցող մանգրովներուն,

կը բացայայտէք «անտառային համաշխարհային ցանցը» (wood wide web), որով ծառերը իրարու օգնութիւն ու վտանգի ազդանշաններ կը ղրկեն,

կը հանդիպիք անտառի զարմանահրաշ դերակատարներուն՝ դանդաղաշարժ ծուլամիտներուն, գունաւոր ու թունաւոր գորտերուն,

կ՚իմանաք Խոսրովի անտառ-արգելոցի մասին, կը հանդիպիք հազուագիւտ Կովկասեան յովազին։

Գիրքը պատանիներուն կը սորվեցնէ, թէ ինչպէ՛ս կրնան դառնալ բնութեան իսկական հերոսներ՝ պաշտպանելով ու խնամելով ծառերը։

Տուէ՛ք ձեր զաւակներուն ոչ միայն գիտելիք, այլեւ՝ սէր դէպի մայր բնութիւնը։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *