Skip to content

«Արձակ էջեր, նամակներ, քերթուածներ» Եղիա Տէմիրճիպաշեան։ Նոր գիրք

Գրող, հրապարակագիր, իմաստասէր, մանկավարժ, խմբագիր Եղիա Տէմիրճիպաշեան առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ հայ գրականութեան պատմութեան եւ ազգային-հասարակական, կրթական-մշակութային զարգացման մէջ:  
Եղիա Տէմիրճիպաշեանին վիճակուած էր ապրիլ եւ ստեղծագործել մեր ժողովուրդին համար շրջադարձային պատմական ժամանակի մէջ։ Հետաքրքրական է գրողին վերաբերմունքը գրականութեան հանդէպ։ Գրականութիւնը իրեն համար մասնագիտութիւն չէր, աւելին՝ « … գրականութիւնն այնպիսի բան մ’է,– կը գրէ ան,– որուն դէմ հայհոյանք կը համարուի «մասնագիտութիւն» բառն»:  Հեղինակը իր «Արձակ էջեր, նամակներ, քերթուածներ» գիրքին մէջ կը ներկայացնէ իր կեանքը, խոհերն ու մտածումները։ Դէպքերը տեղի կ՛ունենան Պոլսոյ եւ եւրոպական շարք մը քաղաքներու մէջ։ Այս ինքնակենսագրական, փիլիսոփայական գիրքը արդէն առկայ է մեր գրադարանը։ Կրնաք անոր հասնիլ հետեւեալ յղումով․

Արձակ էջեր, նամակներ, քերթուածներ՝ https://vlume.com/hye/item/EB-1272

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *