Skip to content

Արփիար Արփիարեան «Կեանքի պատկերներ»։ Նոր գիրք

«Գրողներն ըլլան տնտեսագէտ թէ վիպասան, գիտնական թէ բանաստեղծ, եթե չեն աշխատիր պարզ զբօսանքի համար, այլ կ՛աշխատին իրենց ժողովուրդին համար, պարտական են հիմնովին ուսումնասիրել այդ ժողովուրդի նիւթական ու բարոյական կեանքը եւ գրել այդ կեանքի պահանջներու համեմատ»։ Արփիար Արփիարեան

Իրապաշտ գրող Արփիար Արփիարեանը իր շարք մը պատմուածքները ամփոփած է «Կեանքի պատկերներ» գրքին մէջ, ուր կը յայտնուի Արփիարեանի ստեղծագործ էութիւնը՝ տիրապետող հասարակարգին մէջ իշխող բարքերուն ու արժէքներուն անյարիրութիւնը, մարդկային բոլոր արժէքներուն հետ։ Այս անհամապատասխանութիւնը իր արտացոլումը գտած է կեանքի գրեթէ բոլոր բնագաւառներուն եւ ներսէն կը կրծէ ու կը քայքայէ նոյնիսկ հարազատներու՝ հօր եւ դստեր, եղբօր եւ քրոջ յարաբերութիւնները։ Նման բախտի կ՛արժանանան նաեւ գրքին մէջ տեղ գտած «Ապուշը» վիպակին գլխաւոր հերոսները՝ Լեւոնն ու Ֆօռթիւնէն։ Առհասարակ Արփիարեանին գրեթէ բոլոր գեղարուեստական ստեղծագործութիւններուն մէջ հասարակ ծագում ունեցող հերոսները ի վեջոյ կամ կը զոհուին, կամ կը դառնան բարոյապէս ընկճուած մարդիկ։

Գիրքը կարդալու եւ Արփիարեանին գեղարուեստական գրչին ծանօթանալու համար հետեւեցէք յղումին: https://vlume.com/hye/item/EB-1453

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *