Skip to content

«Երբեք մի՛ մտաբերեր, որ ես յուսահատ եմ, բնա՜ւ. բանաստեղծ մը մահուանէ չսոսկար. այն ատեն իրաւունք ունէի ցաւելու, երբ ամէնքն անմահ ըլլային եւ ես միայն մահկանացու»։ Պետրոս Դուրեան


Այսօր արեւմտահայ նշանաւոր բանաստեղծ Պետրոս Դուրեանի ծննդեան օրն է։
Դուրեան խոհափիլիսոփայական խառնուածքի բանաստեղծ է։ Անոր ստեղծագործութիւնները մենախօսութիւններ են, ուր բնութիւնն ու սէրը հանդէս կու գան իբրեւ իր խոհերուն լուռ վկաները։ Ըստ քերթողին՝ իրական աշխարհը բանաստեղծական աշխարհի հակապատկերն է. այն ձանձրալի է ու չարութեամբ լեցուն։
Պետրոս Դուրեան հեռացաւ կեանքէն քսանմէկ տարին չբոլորած. հեռացաւ՝ երազելով իր պատրաստած տաղերուն փոքրիկ ժողովածուին «Արեւը տեսնելը»։ Եւ ինչպէս Սեւակը կ’ըսէ՝ «Սա աշխարհ չպատկերեց։ Եւ աշխարհ չստեղծեց սա։ Սա բացաւ իր աշխարհը, որ իրմէ ետք կոչուեցաւ ու պիտի կոչուի իր անունով՝ դուրեանական»։
Դուրեանին տխրութիւնը տարբեր է. ան կը շարունակէ մնալ իր կերտած իւրայատուկ տեղը։ Ան հայ գրականութեան «Սկիւտարի Սոխակ»ն է։
Պետրոս Դուրեան՝   https://vlume.com/hye/person/EN-32

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *