Skip to content

Թորոս Թորանեան «Գիրք որդիական»։ Նոր գիրք

«Երկի՛ր, վաթսունամեակդ է։ Երկի՛ր, այս նոր արշալոյսիդ սեմին, աստղային խօսքեր ունին քեզի համար բանաստեղծներդ»։ Թորոս Թորանեան
Խորհրդային Հայաստանի վաթսունամեակին առթիւ Թորոս Թորանեանը գրեց իր «Գիրք որդիական»-ը։
Իր բովանդակութեամբ, կառուցուածքով հետաքրքրական այս գրքին մէջ հեղինակը հերթով կը ներկայացնէ իր տարբեր հանդիպումները՝ Խորհրդային Հայաստան կատարած իր այցին։
Այդ հանդիպումներուն գլխաւոր հերոսներն են՝ հայ նշանաւոր գրողներ, նկարիչներ, քանդակագործներ եւ այլն։
Կարդալով այս գիրքը՝ մենք ոչ միայն յետադարձ նայուածք մը կը նետենք դէպի անցեալը, այլեւ իրազեկ կ՛ըլլանք շատ հետաքրքրական, զուարճալի, ուրիշ ոչ մէկ տեղ չգտնուող տեղեկութիւններու մեր անուանի կարգ մը գրողներու, արուեստագետներու մասին։
Այս առիթը թող չվրիպի ձեզմէ, կարդացէ՛ք․

Գիրք որդիական՝ https://vlume.com/hye/item/EB-1357

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *