Skip to content

Թորոս Թորանեան «Մթութիւն արեւի տակ»։ Նոր գիրք

«Եւ հասնելու համար արդարութեան, պիտի ամէն րոպէ օգտագործենք մեր բոլոր ուժերը, պիտի բռունցքուինք ու անկարելին կարելի պիտի դարձնենք»։ Թորոս Թորանեան  
Հալէպահայ յայտնի գրող, մտաւորական բժիշկ Թորոս Թորանեանի «Մթութիւն արեւի տակ» գիրքը խոհագրութիւն-մենախօսութիւն է։ Ի սկզբանէ հեղինակը ցանկացած է գրել պատմուածք մը՝ «Ես ինծի հետ», կամ «Ես արեւին հետ» վերնագրով։ Սակայն վրայ կը հասնի 1988 թուականի Դեկտեմբերի 7-ը․ մեծ աղէտը ամէն ինչ կը փոխէ։ Գրքին մէջ հեղինակը իր ծննդավայրէն մտովի կը տեղափոխուի դէպի Կիւմրի՝ Լենինական։ Այդ ճամփորդութեան ընթացքին ան ընթերցողներուն կը ներկայացնէ իր բոլոր յուզումները, մտատանջութիւները, օրինակ՝ ինչո՞ւ հայկական քաղաքը կը կոչուի Լենինական, այլ ոչ թէ հայկական որեւէ անունով, մի՞թէ մեր հայկական անունները բարեհունչ չեն։ Գիրքը ո՛չ միայն ողբերգական երկրաշարժի մասին է, այլեւ՝ արցախեան շարժման։ Այս բոլորին զուգահեռ գիրքը նաեւ հաւատքի վկայութիւն է. հաւատք՝ իր ժողովուրդին ապրելու կամքի՛ն։ Թորանեանը շատ պարզ ոճով կը գրէ, որ արեւուն տակ մթութիւն կայ հայերուն համար․ մթութիւն, որ պիտի փարատուի։ 

Մթութիւն արեւի տակ https://vlume.com/hye/item/EB-1352

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *