Skip to content

Թորոս Թորանեան «Ուր կը տանին ճամբաները։ Նոր գիրք

«Երբեմն կը մտածեմ ճամբաներու մասին: Ապահովաբար, նախամարդը անհրաժեշտութիւնը չունէր ճամբաներու…Բայց կը մտածեմ նոյն ատեն, թէ ո՞ւր կը տանին ճամբաները մե՛զ, ո՞ւր… դէպի անյայտը, թէ՞…Ճամբաները մեզ դէպի հայրենիք կը տանին, եղբայրներ: Հայրենի հողն է ցատկատախտակը՝ նետուելու դէպի անհունը»: Թորոս Թորանեան «Ուր կը տանին ճամբաները»:
Սփիւռքահայ մտաւորական, բժիշկ Թորոս Թորանեանի  այս գիրքը գեղեցիկ ժողովածու մըն է՝ կազմուած «Գարուն» ամսագրին մէջ լոյս տեսած յօդուածներէ: Իւրաքանչիւր յօդուած կը պատմէ ոեւէ նշանաւոր հայու հետ հանդիպման մասին, ինչպիսիք են՝ Շառլ Ազնաւուր, Անրի Վերնոյ, Անրի Թրուայա, Զարեհ Որբունի եւ այլն: Ամէն հանդիպման ժամանակ գրողը կը ներկայացնէ հայկական ոեւէ ընտանիք եւ այդ ընտանիքն ալ կը դառնայ այդ բաժնի գլխաւոր հերոսը: Գրքին մէջ իրար հանդիպած բոլոր հերոսները կը կապէ մէկ բան՝ հայու հոգիի ու մտքի հարցերը:

Չափազանց հետաքրքրական, ուսանելի այս գիրքը կարդալու համար հետեւէք յղումին՝ https://vlume.com/hye/item/EB-1355

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *