Skip to content

«Կ՛ուզեմ համբուրել այն բոլոր տեղերը, ուր նահատակ մը ինկաւ կամ հերոս մը կոխեց: Ըստ իս եւ տակաւին ինծի համար՝ ահա օրէնքս՝ մեր գրականութեան մէջ արուեստը հայ պէտք է ըլլայ, իսկ անոր յատակը կամ հիմը կազմող գաղափարը՝ համամարդկային»: Դանիէլ Վարուժան


Այսօր 20-րդ դարու արեւմտահայ գրականութեան նշանաւոր բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանին ծննդեան օրն է:Վարուժանը մեծ, հզօր շունչի բանաստեղծ է: Անոր ստեղծագործութիւնը խորապէս ազգային երեւոյթ է: Ազատութեան, պայքարի վեհ գաղափարներով յագեցած անոր ստեղծագործութիւնները հայ ժողովուրդին երազներուն մարմնացումն է:Վարուժանը հայ գրականութիւնը հարստացուց նոր թեմաներով, ընդլայնեց բանաստեղծութեան ընդգրկման սահմանները: Խորունկ էր Վարուժանին սէրը դէպի ֆրանսական ռոմանթիքները, մասնաւորապէս՝ Հիւկոն: Հայ դասականներէն կը սիրէր մանաւանդ Ալիշանը, Աբովեանն ու Րաֆֆին՝ «Ասոնց համար ան ունէր գերագոյն հիացմունք մը,- կը նշէ Ս.Երեմեանը,- եւ ինծի կ՛ըսէր, թէ այդ հեղինակները ամենէն աւելի ուժգնօրէն ազդած են իր վրայ»:Վարուժանը կը նշէր, որ  բանաստեղծը պէտք է տառապի ժողովուրդին ցաւերով, բանաստեղծութիւնը պէտք է գրուի արիւնով, սրտով, բաբախի կեանքով եւ բխի հեղինակին հոգիէն: «Արուեստի գործ մը հեղինակի սրտէն փրթած փերթ մըն է, թարմ, արիւնով եւ կեանքով դեռ բաբախուն»: Վարուժանը կը կարծէր, որ բանաստեղծը կոչուած է գեղեցիկի սերմեր տարածելու ժողովուրդին մէջ: Ան իսկական գեղեցկութիւնը կը տեսնէր կեանքը հարազատօրէն արտացոլող արուեստին մէջ. «Ես կը կարծեմ, թէ բնութեան եւ հոգւոյն գեղեցկութիւնները մէկ կերպով ճշմարտօրէն կ՛արտայայտուին,- զանոնք նկատել ինչպէս որ են»: Վարուժանին անձնաւորութեան մէջ միաձուլուած են տաղանդաշատ բանաստեղծն ու կորովի գրականագէտ-գիտնականը: Կարճատեւ եղաւ Վարուժանին ստեղծագործական կեանքը՝ ընդամէնը մէկ տասնամեակ, բայց ան իր հզօր տաղանդով հայ գրականութեան ձգեց գրական անմեռ ժառանգութիւն:

Դանիէլ Վարուժան՝ https://vlume.com/hye/person/EN-20

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *