Skip to content

«Կեանքի ուղիներով» Սիմոն Վրացեան։ Նոր գիրք

«․․․ Զարմացա Սփինքսով ու բուրգերով Նեղոսի ափին եւ Ակրոպոլիսով, Պարնասի ստորոտը- աշխարհ տեսայ եւ ահա հիանում եմ Լիբանանի գեղեցկութեամբ, բայց ո՛չ մէկը չի հասնի մեր Հայաստանին, այնքան մօտ ու հարազատ չէ իմ սրտին, որքան Հայաստանը։ Աշխարհ անցի՛ր, Հայաստանի նման երկիր չկայ։ Չկայ Հայաստանի նման երկիր ինձ համար»։ Սիմոն Վրացեան

Հասարակական-քաղաքական գործիչ, գրող Սիմոն Վրացեանը իր յայտնի գրքին՝ «Կեանքի ուղիներով»-ին չորրորդ հատորի մասին ըսած է՝ «Կեանքի Ուղիներով» այս չորրորդ հատորն էլ կազմուած է միեւնոյն սկզբունքով՝ ինչ որ եւ նախորդները. «դէպքեր, դէմքեր եւ տպաւորութիւններ». 1917 թ. Փետրուարից 1918 թ. Մայիս, այսինքն՝ ցարական բռնապետութեան խորտակումից մինչեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ծնունդը»: Գիրքը բաղկացած է երեք մասերէ, իսկ վերջին մասին մէջ հեղինակին յօդուածներն են։ Այստեղ հեղինակը իր սրտնեղութիւնը կ՛արտայայտէ դէպքերու, փաստերու սակաւութեան համար, բայց նաեւ կու տայ անոր բացատրութիւնը։ Վրացեան անընդհատ կը կրկնէ, որ իր նպատակը պարզապէս գրելը չէ, այլ պատմութեան համար բաւականաչափ փաստեր հաւաքելն ու ներկայացնելը՝ որպէս ականատէս եւ մասնակից։ Եւ իր ցանկութիւնը կը յայտնէ, որ եթէ հանգամանքները թոյլատրեն եւ կարողանայ լրացնել «Կեանքի ուղիներով» հատորներու շարքը, ապա կատարած կը յամարէ հայոց պատմութեան նկատմամբ իր պարտքը։

Կեանքի ուղիներով՝ https://vlume.com/hye/item/EB-1449

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *