Skip to content

«Հայկական Դիցաբանութիւն»․ «Առաջին ժամը»

Մեր մանկապատանեկան գիրքերը կը հարստանան նոր ու բացառիկ շարքով մը՝ «Հայկական Դիցաբանութիւն»:

Առաջին անգամ ըլլալով հայոց հնագոյն դիցաբանութիւնը կը ներկայացուի բոլորովին թարմ, կենդանի ու մանկապատանեկան ոճով։

Ա. թիւ՝ «Առաջին ժամը»` https://vlume.com/hye/item/EB-1715

Ես Արան եմ։ Կը կարծէի, թէ այս ամառուան իմ ամենամեծ բացայայտումս Զուարթնոց տաճարը պիտի ըլլար։ Բայց հին կնիք մը փոխեց ամէն ինչ։ Քոյրս՝ արկածախնդիր Նանէն, պատահաբար գտաւ զայն ու յանկարծ մեր առջեւ յայտնուեցաւ գիրի ու գիտութեան հեթանոսական աստուածը՝ Տիրը։ Ան մեզ տարաւ ժամանակէն ու տարածութենէն անդին՝ երբ դեռ չկային լեռները, երկինքն ու լոյսը։

Մենք մեր աչքերով տեսանք Տիեզերական Խառնաշփոթը, լոյսի առաջին կայծը՝ Արփը, ոսկեփայլ Համաշխարհային Ձուն եւ Կենաց Ծառը։

Ականատես եղանք Արամազդին եւ իր էութեան հակառակ երկուորեակին մեծ բախումին, ուր տեսիլքն ու լոյսը յաղթեցին քաոսին՝ ձեւաւորելով երկինքն ու երկիրը։

Չմոռնա՛ք ձեզի հետ օրագիր մը ունենալ ու գրի առնել ձեր տեսած ամէն մէկ պզտիկ մանրամասնութիւնը։ Եթէ ես իմ նօթերս չունենայի, թերեւս այսօր ե՛ս ալ չհաւատայի, որ մեր աչքերով տեսանք տիեզերքին սկիզբը։

Ձեզի տպաւորիչ ճամբորդութիւն այս էջերուն մէջ. ես ալ կ՚առնեմ օրագիրս ու մատիտս, որովհետեւ զգացում մը ունիմ, որ մեր յաջորդ մեծ արկածախնդրութիւնը արդէն կը սպասէ մեզի:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *