Skip to content

«Մնաք բարովի իրիկունը»․ Լեւոն Շանթ

Մեր թուայնացած ու ձայնային գիրքերու շարքը համալրուած է հայ անուանի թատերագիր Լեւոն Շանթի «Մնաք բարովի իրիկունը» հատորով։

Գիրքը ձեզ կը տանի պատմական ճամբորդութեան մը, ուր կը խաչաձեւուին արեւմտեան եւ արեւելեան Հայաստանի երկու խորհրդանշական կեդրոնները՝ Կոստանդնուպոլիսն ու Երեւանը:

Գիրքին մէջ վառ գոյներով կը շեշտուին Պոլսոյ գունեղ թաղերն ու Վոսփորի գեղատեսիլ ափերը, որոնց կողքին՝ իբրեւ հակադրութիւն, կը պատկերուի հին Երեւանը՝ իր զառիվարներով, Նորքի ու Քանաքեռի իւրայատուկ համայնապատկերով: Հեղինակը ընթերցողին կը ներկայացնէ նաեւ Թիֆլիսի ապրելակերպն ու այնտեղ տիրող ռուսական մշակութային ու կենցաղային ազդեցութիւնը:

Այս գործը ծիծաղաշարժ տեսարաններով հարուստ, սակայն իրականութեան մէջ ողբերգական գրութիւն մըն է: Անիկա վարպետօրէն ցոյց կու տայ հայուն՝ օտար ազդեցութիւններէ, կենցաղէ ու ապրելակերպէ վարակուած վիճակը, որ արդիական է նաեւ այսօր:

Առիթը մի՛ փախցնէք 18-19-րդ դարերու հայկական իրականութեան այս հայելին ձեր գրադարանին միջոցաւ վայելելու:

«Մնաք բարովի իրիկունը»՝ https://vlume.com/hye/item/EB-1454

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *