Skip to content

Յակոբ Պարոնեան։ Ծննդեան օր

«Երիտասարդութեան մէջ սիրելու համար կ՛ապրինք, իսկ ծերութեան մէջ` ապրելու համար կը սիրենք»։ Յակոբ Պարոնեան

Հայ երգիծական գրականութեան կարկառուն ներկայացուցիչ Յակոբ Պարոնեանը ծնած է 1843 թուականի այս օրը։ Յակոբ Պարոնեանի միտքը սուր էր, իսկ հիւմորը՝ միշտ տեղին։ Ան կը սորվեցնէր «սուր հիւմորով դիպուկ իրականութիւնը» ներկայացնելու արուեստը։ Մեծ երգիծաբանին բնաւորութեան գիծերուն մասին շատ հակասական կարծիքներ արտայայտած են ժամանակակիցները։ Բնաւորութեան ամենացայտուն գիծերէն եղած է անտարբերութիւնը։ Չունենալով ոչ մէկ հեռանկար ապագայի հանդէպ՝ ապրած է այսօրմով․ իրեն համար հարց չէր թէ ինչ է՝ ժամանակի, գումարի տնտեսումը։ Եղած են ամիսներ, որ ամբողջ աշխատածը միայն վատնած է եւ այդ առիթով խոստովանած է․ «Երեք հոգիի համար միայն կ՛աշխատիմ՝ յանցագործին, մսավաճառին, նպարավաճառին»։Ժամանակակիցները կը պատմեն, որ սեղանին շուրջ այնքան խնդացուցած է մարդոց, որ չեն կրցած հանգիստ ճաշել։ Անեքթոտներով, սրամիտ խօսքերով մարդոց ծիծաղեցուցած է, այո, բայց ինքը երբէք չէ ծիծաղած։
Երգիծաբանը իր բնաւորութեան լաւ ու վատ կողմերով հանդերձ հանճար էր, իսկ հանճարները երբէք չեն մահանար։ Մեծ մարդոց գործը այնպիսի կոթող է, որ դարէդար փոխանցուելով՝ կը դառնայ յաւերժութիւն։ Կարճ կեանքի ընթացքին ստեղծած մեծ ժառանգութիւնը անմահ է ոչ միայն գրականութեան մէջ, այլ նաեւ՝ հայ թատրոնին։

Յակոբ Պարոնեան՝ https://vlume.com/hye/person/EN-31

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *