Skip to content

Յակոբ Օշական։ Ծննդեան օր

Արեւմտահայ գրականութեան բացառիկ դէմքերէն՝ գրող, քննադատ Յակոբ Օշականի ծննդեան օրն է այսօր: Եղեռնէն հրաշքով փրկուած գրողը իր ծանր մանկութեան մասին ըսած է. «Ո՜վ իմ մանկութիւնը՝ բոպի՜կ, անօթի՜, թշուա՜ռ»: Գրականութեան մէջ ժամանակի ոգին ու շունչը, ժամանակի ազգային յատկանիշներն ու խորհուրդը միշտ բացայայտելով, Օշականը գրած է. «Կը հաւատամ, որ ամէն իրաւ բանաստեղծի հետ իմ ժողովուրդին աս ու ան մասը ելէր է ստեղծագործ սարսուռի, ըրէր է այդ բանաստեղծին մէջ իր երեսներեն աս ու ան աւելի յստակ, յատկանշեալ ու տպաւորիչ»: Օշականի մուտքը դէպի գրականութիւն եղած է դժուար, փշոտ՝ լի բազում պատնէշներով ու քննադատութիւններով: Ընդհանրապէս` Օշականին հանդէպ վերաբերմունքը թէ՛ Հայաստանի մէջ, թէ՛ Սփիւռքի աւելի յաճախ ձեւաւորուած է ըստ Օշականին ունեցած վերաբերմունքին ոեւէ գրողի նկատմամբ: Ըստ անոր` այդ գրողին ստեղծագործութեամբ զբաղուող գրագէտները կա՛մ երկինք կը հանեն Օշականը ու կա՛մ՝ կը պարսաւեն: Բայց Օշականին խորութեամբ ճանչցողներն ու վերլուծողները իրենց դրական վերաբերմունքը արձանագրած են, ինչպէս օրինակ՝ Վազգէն Շուշանեան․«Օշական մեր անմիջական երէցն է: Ան է, որ պէտք է առջեւէն քալէ: Գլուխը բարձր՝ մեծ յաղթանակին համար: Ուսերը բեռնաւոր՝ բանաստեղծութեան անփոխարինելի հարստութեամբ: Կեցցէ՛ Օշականը»:

Զրկանքներով լի, դժուարին ու փոթորկալի կեանք ապրած գրականութեան պատմաբանին հարուստ ժառանգութենէն կարդացէ՛ք կամ ծանօթացէ՛ք՝ https://vlume.com/hye/person/EN-5

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *