Skip to content

Շահան Շահնուր։ Ծննդեան օր

«Հաւաքական ճիգին տեղ դրեր ենք հայդուկներ,- մեր բոլոր վանքերը ապացոյց Աղիքներու ճիչին տեղ դրեր ենք արցունքներ,- մեր բոլոր բանաստեղծները ապացոյց։ Պայքարին տեղ դրեր ենք կռուազանութիւն,- մեր բոլոր կուսակցութիւններն ապացոյց»։ «Նահանջը առանց երգի»

Այսօր սփիւռքահայ գրականութեան հիմնադիր եւ ականաւոր դէմքերէն՝ Շահան Շահնուրի ծննդեան օրն է։ Շահնուրը ստեղծագործեց հայերէն եւ ֆրանսերէն՝ ֆրանսական գրականութեան մէջ եւս դառնալով նշանաւոր դէմք։ Երբ լոյս տեսաւ «Նահանջը առանց երգի» վէպը, գրողը մեծ համբաւ ու միեւնոյն ատեն ճանաչում ձեռք բերաւ։ Այս վէպով Շահնուրը առաջինն էր, որ տագնապահար հնչեցուց սփիւռքահայերու ձուլման վտանգի զանգը։ Սովորաբար, զգացական վէպերու մէջ սէրն ու հայրենիքը, կինն ու հայրենիքը միաձոյլ կ’ըլլան, եւ մէկը ուժ կու տայ միւսին։ Շահնուրի վէպին մէջ սէրն ու հայրենիքը տարբեր բեւեռներ են, այս պատճառով ալ կը սկսի նահանջը։ Ըմբոստ ոգու տէր գրողը, մինչեւ կեանքի վերջը պայքարեցաւ անմիաբանութեան, ուծացման խնդիրներու դէմ։ Սփիւռքահայերու դէմ ծառացած խնդիրներու, դժուարութիւններու մասին աւելի շատ տեղեկութիւններ կ’իմանաք Շահնուրի գիրքերէն։

Գրողի գիրքերը կարդալու կամ վերընթերցելու իսկական ժամանակն է՝  https://vlume.com/hye/person/EN-59

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *